2016-11-19 09:31:00

Ֆրանսայի մէջ Երանելի հռչակուեցաւ Աստուծոյ ծառայ` ''Յիսուս Մանուկի Մարիա Էուճենիոն''


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 19 նոյեմբերին, Ֆրանսայի Աւինեոն քաղաքին մէջ, Սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ՝ կարդինալ Անճելօ Աթամօ, հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագի արարողութեամբ, երանելի կը հռչակէ Աստուծոյ ծառայ՝ Յիսուս Մանուկի Մարիա Էուճենիոն ։

Աւազանի անունով Հենրի Կրիալու ծնած է Ֆրանսայի կեդրանական շրջանի քաղաքի մը մէջ համեստ ընտանիքի մը յարկին տակ։ Ան մանուկ հասակէն փափաք յայտնած է քահանայ դառնալու։ Փոքր նորընծայարան մտնելէ ետք ան հմայուած մնացած   է Յիսուս Մանուկի փոքրիկ Թերեզայի կեանքէն։ 1908-ին, 13 տարեկանին,  մշակած է գերմարդկային սերտ բարեկամութիւն`   Փոքրիկ Թերեզա Սրբուհիին հետ։

1922-ին, քահանայ օծուելէ ետք կը մտնէ Քարմելիթեաններու վանք։ Մօտէն կը ծանօթանայ  Սրբուհի Թերեզա Աւիլային, եւ զայն կը համարէ հոգեւորականութեան մայր ։  

Երանելի Էուճենիօ հինգ տարիներ շարունակ կը քարոզէ Ֆրանսայի զանազան վայրերուն մէջ եւ ամենուրէք կը զգայ, յատկապէս աշխարհականներուն մէջ, հոգեւոր ծառայութեան պահանջը։

1929-ին, երիտասարդ կիներ, որոնք  ամբողջութեամբ կ՝ուզէին նուիրուիլ Աստուծոյ, Հայր Էուճենիոյէն   կը խնդրեն, որ իրենց առաջնորդ դառնայ ։

Երիտասարդ կիները կամաց կամաց կ՝իրականացնեն վարդապետին փափաքը, կը կազմեն նոր խումբը մը,  տարածելու  համար  Աստուծոյ անունը ամենուրէք ։

Ֆրանսայի Փրովենս մարզի Վենասք քաղաքի Նոթր Տամ տաճարի նուիրումը­,   մեծ առիթ կը հանդիսանայ  հայր Էուճենիոյւ հիմնած կազմակերպութեան՝ սկսելու համար իրենց գործունէութեան։

 

Հայր Էուճենիոյի հիմնած ՝՝Նոթր Տամ՝՝ հաստատութեան պաշտօնական գործունէութիւնը սկիզբ կ՛առնէ 1923-ին։  1937-ին Մարիա Էուճենիօ, կ՝ընտրուի Հռոմի  Քարմելիթեաններուն միաբանութեան ընդհանուր խորհրդատու եւ հոն կը ծառայէ 17 տարիներ։

 

Միաբանութեան ընդհանուր մեծաւոր հօր մահէն ետք, ան կը  ստանձնէ միաբանութեան ղեկավարութիւնը եւ կը պաշտօնավարէ մինչեւ 1955։

 

Պիոս ԺԲ Պապ զինք կ՝անուանէ Առաքելական հսկիչ  Ֆրանսայի Քարմելիթեան քոյրերու միաբանութեան,  եւ անորմէ կը խնդրէ  Քարմելիթեան միաբանութեան նոր դաշնակցութիւն մը հիմնել ։

 

Նորահռչակ երանելի  Մարիա Էուճենիօ  հրապարակած է երկու հատորներ ՝՝կ՝ուզեմ Աստուած տեսնել խորագիրով։՝՝ 

 

1955-ին, ան կը վերադառնայ Ֆրանսա, ուր  մօտէն կը  զբաղի իր հիմնարկութեան գործունէութեամբ, առանց մոռնալու Ավինիոնի մէջ Քարմելիթեան  իր սիրած  միաբանութիւնը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.